2016-04-21 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը` Հրեաներու ''Փեսախ''ի տօնին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հրեաներու ''Փեսախի'' տօնին առթիւ պատգամ մը յղած է Հռոմի Հրեայ հասարակութեան Ռաբբունապետ Ռիքքարտօ Տի Սենյիին։ 

Փեսախի տօնը որ սկիզբ կ՛առնէ 22 ապրիլի երեկոյեան ու կը տեւէ մինչեւ  30 ապրիլ, կ՛ոգեկոչէ իսրայէլացիներու ազատագրումը Եգիպտոսէն։

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը երախտագիտութեամբ կը վերակոչէ  անցեալ 17 յունուարի հանդիպումը, երբ այցելութիւն տուաւ Հռոմի Հրեաներու Աւագ տաճարին, ապա իր բարեմաղթութիւնները կը յայտնէ Ռաբբունապետ Տի Սենյիին ու համայն հրեայ հասարակութեան, Փեսախի տօնին առթիւ։

''Այդ տօնը կը յիշեցնէ որ Ամենակալը իր սիրեցեալ ժողովուրդը ազատեց ստրկութենէն ու զայն առաջնորդեց դէպի խոստացուած երկիր'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ` հայցելով որ Ան` այսօր եւս առաջնորդէ զանոնք իր օրհնութիւններու զեղումով ու պահապանէ Հրեայ հասարակութիւնը, եւ իր ողորմածութեամբ իւրաքանչիւրին պարգեւէ խաղաղութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա Հրեայ հասարակութենէն կը խնդրէ որ աղօթեն իրեն համար իր կարգին անոնց ապահովեցնելով իր աղօթքները եւ պատգամը կ՛եզրափակէ ''Բարձրեալը` մեզի շնորհէ պարգեւը միշտ աւելիով աճելու բարեկամութեան մէջ''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ








All the contents on this site are copyrighted ©.